Հայր ֆետերիքօ լոմպարտիի շաբաթական Խմբագրականը։ <<Յուշեր ու Ապագայ>>
Չենք կռնար անցիլ Պերլինէն առանց ականատես ըլլալու Գերմանիոյ ու Եւրոպայի անցեալ դարու
սեւ էջերուն ծանրութեան։Նազիական վարչակազմի ու անոր իշխանութեան մտագարութեան ու ոճրագործութիւններու
տարիներ։ Յուշեր որոնք գերմանացի Քահանայապետի խօսքերուն մէջ կեանք առին երբ ան
նշեց Օգոստինոսը որ կը խօսի թէ ինչպէս առանց օրէնք ու արդարութիւն ունեցող Պետութիւն
մը կը վերածուի <<աւազակներու խմբակի>> մը կամ ալ երբ հրեաներու պատուիրակութեան հետ
ունեցած հանդիպումի ընթացքին նշեց իրենց հէմ գործադրուած <<ցեղասպանութիւնը>> եւ 1938
<<բիւրեղեայ գիշերը>>։ Յիշատակ մը որ ոգեւոկոչուեցաւ ամէնուն աչքերու առջեւ այն նուէրին
որ Պերլինի Թեմը ուզեց ընծայել Սրբազան Հօր։ Նկար մը որ կը պատկերացնէ Բլոհզէնցիի բանտի
Պատուհանը ուր 3.000 հոգի գլխատուեցան Նազիներու կողմէ։
Նազիական վարչակազմի
մարտիրոս զոհերն են որ զօրեղ լոյսն են որ կը շարունակէ փայլիլ ու ներշնջել ապագայի կարուցումը։
Սշնակցային գերմանիոյ Նախագահն ալ իր խօսքին մէջ յիշեց երեք ընտրուած նահատակներ Լիխդէնպէրկ
Պերիլինի մայր տաճարի ժողովրդապետը` Պոնէոֆէր` Բողոքական Աստուածաբանը եւ Էտիթ Շթայն
Հրեաստանի զաւակը որ կաթողիկէ կրօնաւորուհի դառնալով սպաննուած էր Աուշվիթցի մէջ։
Նահատակներու
համամիութիւնը վկայութիւնն է որ այցօրուայ համամիութենական գործնթացը կռնայ ոգեւորում
ու խորութիւն ստանալ։ Վկայել զԱստուած ու Յիսուս Քրիստոսը կեանքի գնով ինչ աւելի հաստատուն
ու կենդանի հիմք մը որու միջոցաւ վեարսկսիլ ու շարունակել միութեան յոյսի ճանապարէը
որ չ՛ըլլայ լոկ մեր ետին այլ նաեւ մեր դիմաց։